2016-12-29 08:51:00

110 տօնածառ եւ 100 զոյգ ձմեռնային կօշիկ` Սուրիահայ ընտանիքներուն։


Դեկտեմբեր 28-ին ՀԲԸՄ Հայաստանի եւ «Ռոսնեֆտ-Արմենիա» ՓԲԸ համատեղ նախաձեռնութեամբ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի համակարգումով` ՀԲԸՄ Վահէ Կարապետեան կեդրոնին մէջ՝ սուրիահայ ընտանիքներոդն մատուցուեցան ամանորեայ անակնկալներ:

Տօնական հանդիսութեան ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» ՀԿ-ի նախագահ Լենա Հալաճեան, սուրիահայ ծնողներ եւ այլ հիւրեր:

«Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի Ամանորին ուրախացնելու սուրիահայ ընտանիքները, յատկապէս` երեխաները, որոնք Սուրիոյ ճգնաժամին հետեւանքով հաստատուած են Հայաստան: ՀԲԸՄ-ը տարիներ շարունակ տարբեր ծրագիրներով կ՝աջակցի անոնց: Արդէն երկրորդ տարին է` Ամանորի նախաշեմին կ՝իրականացնենք  այս արարողութիւնը: 2016 թուականին 650 երեխայ օգտուեցաւ ՀԲԸՄ-ի տրամադրած նուէրներէն: Քանի որ այս տարի ՀԲԸՄ-ը կը նշէ հիմնադրման 110-ամեակը, որոշեցինք խորհրդանշական 110 ընտանիքի ուրախութիւն պարգեւել` անոնց նուիրելով արհեստական տօնածառեր եւ տօնածառի խաղալիքներ: Այս ծրագիրին ծիրէն ներս՝ մեզի միացաւ «Ռոսնեֆտ-Արմենիա» ՓԲԸ-ն, որ 100 երեխայի ձմեռնային կօշիկներ տրամադրեց»,- «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուցած է ՀԲԸՄ Հայաստանի մշակութային եւ յատուկ ծրագիրներու ղեկավար Ինեսա Մարգարեանը: Երեխաներուն ամանորեայ անակնկալ պատրաստած էր նաեւ UNISEF-ը:

Սուրիահայ ծնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին երեխաներուն ամանորեայ ժպիտներ պարգեւելու համար` նշելով այն փաստը, որ նման նախաձեռնութիւնները կը քաջալերեն իրենց:

Հանդիսութեան աւարտին՝ երեխաներուն միացան Ձմեռ պապիկն ու Ձիւնանուշը: Անոնք շուրջպար բռնեցին, միասին արտասանեցին եւ երգեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.